2015-12-23 09:45:00

Եգիպտոսի առաջնորդ` գերապայծառ Գրիգոր Օգոստինոս Գուսայի Ծննդեան պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Ս. Ծննդեան ու Ամանորի զոյգ տօներուն առթիւ արհիապատիւ Գրիգոր Գուսան` առաջնորդը Եգիպտոսի կաթողիկէ համայնքին, պատգամ մը ուղղած է իր հաւատացեալներուն, որով կ`ընդգծէ որ այս տարուայ Յիսուսի Ծննդեան տօնը կը զուգադիպի Ողորմութեան Յոբելեանին հետ։ Արդարեւ Յիսուս աշխարհ եկաւ մեզի յայտնելու Հօր Աստուծոյ բարեգթութիւնն ու ողորմածութիւնը, ազատագրելու մարդը մեղքէն ու ճանչցնելու մարդուն իր վսեմ կոչումը կը գրէ Գուսան առաջնորդը իր պատգամին մէջ ու կը բացայայտէ ողորմութեան տարւոյն նշանակութիւնը, նպատակը, խորհրդանիշերը, հոգեւոր ու նիւթական բարեգործութիւնը` ''եղէք ողորմած ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը ողորմած է''։

Յոբելենական տարին հրաւէր մըն է վերատեսելու մեր կեանքի ընթացքը, աշխատելով ամրապնդել մեր հաւատքը, սէրը հանդէպ Աստուծոյ ու եղբայրներուն ու գթառատ ըլլալ հանդէպ աղքատին, կարօտեալին կը գրէ Եգիպտոսի հայ Կաթողիկէներու առաջնորդը ու կը հրաւիրէ ''Ջերմ աղօթքը բարձրացնել առ Աստուած որպէսզի խաղաղութիւն շնորհէ Միջին Արեւելքին ու համայն աշխարհին''։

''Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, երկրի խաղաղութիւն եւ մարդոց հաճութիւն''։

Խաղաղութիւնը Աստուծոյ մեծ պարգեւն է։ Յիսուս իր աշակերտներուն ըսաւ ձեզի կու տամ իմ խաղաղութիւնս։ Ան մեր մէջ կը բնակի, մեր ուրախութիւնն է, երջանկութիւնը ու խիղճի անդորրութիւնը։

Ողորմութեան Յոբելեանին տարէ սկիզբը, կը գրէ Եգիպտոսի առաջնորդը  իր պատգամին աւարտին, ամրապնդենք մեր հաւատքը Քրիստոսի, անոր Աւետարանի ու աստուածային անոր ուսուցումին մէջ։ Թող Քրիստոսը ըլլայ մեր երկրաւոր կեանքի խաղաղութիւնն ու զօրութիւնը ու յաւիտենականութեան յոյսը։   








All the contents on this site are copyrighted ©.